Գլխաւոր Էջ
Ամսուան ՅօդուածըՔելվըն Քլայն, (Calvin Klein Inc.) ամերիկեան նորաձեւութեան ընկերութիւն մը, որ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կը վաճառէ իր անունը կրող արտադրանքները։ Ընկերութիւնը յատկապէս համբաւ ձեռք բերած է 1980-ականներուն՝ իր ներքնազգեստի եւ ճինզի հաւաքածոներուն շնորհիւ։ Անիկա մասնագիտացած է բոլոր սեռերու եւ տարիքային խումբերու համար նախատեսուած հագուստի, ինչպէս նաեւ կաշիէ արտադրանքներու, կենցաղային եւ կենսակերպի պարագաներու, կօշիկներու, տան կահաւորման իրերու, օծանելիքի եւ դիմայարդարման արտադրանքներու, ակնոցներու, զարդեղէնի եւ ժամացոյցներու արտադրութեան եւ վաճառքի մէջ։ Ընկերութեան բարձրակարգ բեմահարթակային նորաձեւութեան բաժինը, որ կը ներկայացնէր Քելվըն Քլայնի ենթանիշներուն ամէնէն բարձր մակարդակը, գործելէ կը դադրի 2019-ին։ Ընկերութիւնը հիմնադրուած է 1968-ին՝ նորաձեւութեան ձեւաւորող Քելվըն Քլայնի եւ իր մանկութեան բարեկամ Պերի Ք. Շուըրցի կողմէ։ 2003-ին ընկերութիւնը «PVH Corp.»ի կողմէ կը գնուի 700 միլիոն տոլարով։ Ընկերութեան կեդրոնատեղին կը գտնուի Նիւ Եորքի Միտթաուն Մենհեթըն շրջանին մէջ․․․Աւելին⇒Արդեօք Գիտէ՞ք
Նախագիծեր
|
Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 15 006-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։Ամսուան Իրադարձութիւնները
Օրուան Պատկերը |
Ուիքիփետիա Քոյր Նախագիծեր
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ուիքիփետիան Տարբեր Լեզուներով
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած է արեւմտահայերէնով եւ ունի 15 006 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝
- 1,000,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 250,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 50,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝


